2016-11-19 12:17:00

Սուրբ դռները կը փակուին` Աստուծոյ ողորմութիւնը սակայն կը շարունակէ գործել։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յիսուս Քրիստոս Հօր Աստուծոյ ողորմութեան դիմագիծն է'' այս բառերով կը սկսի Ֆրանչիսկոս Պապին Ողորմութեան արտակարգ յոբելեանի հռչակման կոնդակը որ սկիզբ առած էր անցեալ 8 դեկտեմբեր 2015-ին, Վատիկանեան տիեզերականն Բ ժողովի փակման յիսուն ամեակին եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին օրը, ու ահա վերջ կը գտնէ` 20 նոյեմբեր 2016-ին Քրիստոս` Թագաւոր տիեզերքի տօնին օրը որ կը զուգադիպի նաեւ  լատինական եկեղեցւոյ ծիսական տարւոյն փակման։

Արտակարգ յոբելեան մը բազմաթիւ գործօններով, որոնց շարքին նաեւ յատկապէս նշելի է վաստակաւոր Քահանայապետի մը` Պենետիկտոս ԺԶ-ի ներկայութիւնը։ 

Յոբելենական տարւոյն նշանաբանը եղաւ ''Բարի հովիւը որ իր ուսերուն վրայ կը շալկէ մարդը''. Յատկանշական պատկեր մը որ աշխարհին կ՛ուզէ հաղորդել Աստուծոյ անհուն սէրը։

''Հօր նման ողորմած'' այս էր կարգախօսը` ու ասկէ կը բխի Ֆրանչիսկոս Պապին հաւատացեալներուն ուղղուած հրաւէրը` դառնալու ողորմութեան գործիքներ։

20 միլիոնէ աւելի ուխտաւորներ Հռոմ եկան յոբելենական տարին նշելու համար, թէեւ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, թոյլ տրուեցաւ որ աշխարհի բոլոր թեմերուն մէջ նաեւ բացումը կատարուի սուրբ դռներու, որպէսզի բոլոր հաւատացեալները անխտիր, կարելութիւնը ունենան իրենց մասնակցութիւնը բերել` այս արտակարգ յոբելեանի նշումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ եղաւ առաջինը որ Հռոմէն դուրս բացումը կատարեց Սուրբ Դրան Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք` Պանկի  կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, 29 նոյեմբեր 2015-ին։ Երկիր մը յօշոտուած քաղաքացիական պատերազմով, որ դարձաւ  արուարձաններու խորհրդանիշը` որոնք Ֆրանչիսկոս Պապին համար վայրեր են ուր հարկաւոր է երթալ ու  գիտակից դառնալ իրականութեան։

Ողորմածութեան տարի մը որ դարձաւ ապա շօշափելի` կարեւոր ձեռնարկներու միջոցաւ, յատկացուած հիւանդներուն, աղքատներուն բանտարկեալներուն, ընտանիքներուն ու ընկերութիւնը կազմող զանազան խաւերուն։

Ողորմածութեան սուրբ տարուայ ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններու խորհրդածութիւնները նուիրեց ողորմութեան նիւթին ու բացի ասկէ կազմակերպուեցան նաեւ ամսական շաբաթ օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններ, ինչպէս նաեւ ողորմութեան ուրբաթ օրերը որոնց ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը այցելեց յատուկ կեդրոններ ու կազմակերպութիւններ իր մօտիկութիւնն ու թիկունքը տանելու այնտեղ ապրած անհատներուն ինչպէս եղաւ պարագան վերջին ուրբաթ օրուայ` ուր Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Քահանայութենէն հեռացած ու ընտանիք կազմած երիտասարդներ։

''Յաճախ մեզի մօտիկ անձերն են որոնք կարիքն ունին օգնութեան...Աշխարհի մը մէջ որ թիրախ է անտարբերութեան ախտին, ողորմածութեան ներգործութիւնները ամենալաւ հակա թիւնն են'' կրկնեց յաճախ Ֆրանչսիկոս Պապ ու շեշտեց թէ ''Աստուծոյ ողորմութիւնը չի բացառեր եւ ոչ մէկը։ Չկայ վայր մը ուր Աստուծոյ սէրը կարող չէ թափանցել ու այնտեղ ուր կայ անձ մը որ սխալ գործեց, այնտեղ ներկայ է նաեւ Հօր Աստուծոյ անսահման սէրն ու ողորմութիւնը''։

Ողորմութեան Յոբելեանը եղաւ նաեւ համամիութենական ու միջ-կրօնական երկխօսութիւնը յատկանշող յոբելեան, որուն ընթացքին նշուեցաւ նաեւ երիտասարդներու համաշխարհային օրը` Քրաքովիայի մէջ ու Սրբուհի հռչակուեցաւ Քալքութայի Մայր Թերեզան` աղքատներու սրբուհին որ է ողորմածութեան տիպար։

Ահա թէ կը փակուի յոբելենական սուրբ դուռը սակայն Աստուծոյ ողորմած սիրտը միշտ բաց կը մնայ ու Ֆրանչիսկոս Պապ կը ցանկայ որ բաց մնան նաեւ մեր սրտի դռները` ընկալելու համար Աստուածային սէրը ու այդ սէրը տանելու ամենուրէք, մեր կարգին  դառնալով կամուրջներ ու խողովակներ` Հօր նման ողորմած։








All the contents on this site are copyrighted ©.